ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ժամանեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գրասենեակ, ուր նախատեսուած է հանդիպում «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն հետ:
Հանդիպման աւարտին Փաշինեան հրաժարուեցաւ պատասխանել լրագրողներու հարցերուն: Մասնաւորապէս, հարցին, թէ ինչ արդիւնք եղած է ջերմուկցիներուն հետ հանդիպումէն յետոյ, ան միայն ըսաւ «կը ներէք» եւ մտաւ շէնք:
Նշենք, որ իշխող կուսակցութեան կեդրոն ժամանելէն առաջ վարչապետը Բաղրամեան 26 հասցէին մէջ հանդիպում ունեցած էր ջերմուկցիներուն հետ եւ քննարկած էր «Ամուլսար» հանքի շահագործման հետ կապուած խնդիրը:
Աւելի վաղ պարզ դարձած էր, որ Քննչական կոմիտէն հրապարակած էր «Ամուլսար»ի հանքավայրի շահագործման հետ կապուած փորձաքննության արդիւնքները։
Ըստ այդ փորձաքննութեան արդիւնքներուն նշուած էր 16 կէտ, որոնց իրականացումով կարելի պիտի ըլլար խուսափիլ բնապահպանական վտանգներէ։
Նշենք, որ վարչապետ Փաշինեան աւելի ուշ դիմատետրի իր էջին կարճ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, որ «Ամուլսար»ի խնդրին վերաբերեալ իր եզրակացութիւնը պիտի տայ այսօր երեկոյեան։
Լուրը՝ news.am-էն