Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 18 սեպտեմբերի առաւօտեան աշխատանքային այց կատարած է Արցախի Հանրապետութիւն: Վարչապետին ուղեկցած են ՀՀ ՊՆ Դաւիթ Տօնոյեանը եւ ԶՈւ-երու ԳՇ պետ Զօր. Արտակ Դաւթեանը: Վարչապետն ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներ` Դաւիթ Տօնոյեանի, Լեւոն Մնացականեանի, ինչպէս նաեւ ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Արցախի հիւսիսային հատուածի պաշտպանական դիրքեր: Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուած են ճարտարապետական եւ ամրաշինական ենթակառուցուածքները, յուսալի պաշտպանութիւն իրականացնելու նոր թեխնոլոկիաները, նոր սպառազինութիւնը, սահմանին վրայ եղող անձնակազմի անվտանգութեան բարձրացմանն ուղղուած աշխատանքները, թեխնիքական յագեցուածութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեանը եւ Բակօ Սահակեանն ուսումնական կէտէն հետեւած են նաեւ ըստ պայմանական սենարի ցուցադրական յատուկ մարտավարական պարապմունքներու ընթացքին:
Կառավարութեան ղեկավարը զրուցած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներու եւ հրամանատարներու հետ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց անձնուէր ծառայութեան համար եւ մաղթած առողջութիւն ու խաղաղ ծառայութիւն:
«Մարտական դիրքեր այցելելու առաջին նպատակն է տեղում իրավիճակին, զինուորների ծառայութեան պայմաններին ծանօթանալը, օփերաթիւ իրավիճակի մասին պատկերացում կազմելը: Ամէն ինչ կարգին է, ըստ էութեան կարող ենք վստահաբար ասել, որ ե՛ւ Հայաստանի զինուած ուժերի, ե՛ւ պաշտպանութեան բանակի կողմից իրավիճակը լիովին վերահսկուում է: Հոգով, սրտով մշտապէս զինծառայողների հետ ենք, այնպէս որ պէտք է դուխով լինենք, մեր զոյգ պետութիւնների եւ մեր միասնական ժողովրդի առջեւ ծառացած խնդիրները լուծենք»,- նշած է վարչապետ Փաշինեանը: