Պոլսոյ մէջ վախճանած է Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի նախկին առաջնորդ Տ. Յովհաննէս արք. Չոլաքեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Նշենք, որ Գերապայծառ Չոլաքեան Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքը կը հովուէր 1967 թուականէն սկսեալ: Գերապայծառը (97 տարեկան) 2015-ին երկար տարիներ համայնքը առաջնորդելէ ետք իր յառաջացած տարիքին համար հրաժարած էր պաշտօնէն՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդութիւն յանձնելով Տ. Լեւոն Գերպ. Զէքիեանին: