Լիբանանի ՀԲԸՄ ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը պիտի ներկայացնէ նոր զաւեշտային թատերախաղ մը՝ «Առանց տաբատի անձնասպանը» անունով, հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբը Վարդան Մկրտիչեանի: Թատերգութեան ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4, 5 (կալա), 6, 11, 12, 13 Մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս: