image

Վաղը ՆՓԱԿ-ի Մէջ Պիտի Բացուի Նորայր Շահինեանի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը

Վաղը ՆՓԱԿ-ի Մէջ Պիտի  Բացուի Նորայր Շահինեանի Լուսանկարներու  Ցուցահանդէսը

Վաղը՝    9 մարտին  Երեւանի  «Նորարար փորձարարական արուեստի կեդրոն»ին (ՆՓԱԿ)  մէջ  բացումը պիտի կատարուի    Նորայր Շահինեանի    լուսանկարներու   անհատական ցուցահանդէսին: Նշենք, որ   Սան  Փաուլօ  ծնած  (1979) Շահինեան   2012-ին  առաջին անգամ ըլլալով     կ'այցելէ Թուրքիա  եւ   իր մէջ  կը ծնի     իր նախնիներուն  ապրած  վայրերը  լուսանկարելու  ցանկութիւն: Ան  3  տարուան   ընթացքին         կը շրջի տարբեր շրջաններու  մէջ  եւ կը լուսանկարէ Պոլսոյ, Վանի, Տիարպէքիրի,  Վագըֆլիի, Տէրսիմի, Զէյթունի, Հաքքարի, Կեսարիոյ  եւ այլ շրջաններու մէջ:  Անցեալ   տարուան  ապրիլին  Պոլսոյ «Արաս»   հրատարակչատունը   հրապարակեց   Նորայր Շահինեանի «Դատարկութեան  զօրութիւնը»  խորագրեալ  լուսանկարներու  ալպոմը:   Ալպոմին նախաբանը գրած է   պոլսահայ  յատնի  պարագրող Միհրան  Թոմասեան: