image

Տոհան իր տնտեսութիւնն ու դրամանիշը պաշտպանելու բոլոր միջոցները ունի. Ելեւմուտքի նախարար

Տոհան իր տնտեսութիւնն ու դրամանիշը պաշտպանելու բոլոր միջոցները ունի. Ելեւմուտքի նախարար

Քաթարի ելեւմուտքի նախարար Ալի Շարիֆ ԱԼ-Իմատի տնտեսական հարցերու յատկացուած ամերիկեան «CNBC» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին նշած է, որ «Պէտք չկայ մտահոգուելու, որովհետեւ Տոհան իր տնտեսութիւնն ու դրամանիշը պաշտպանելու բոլոր միջոցները ունի»:

Ան յայտնած է, որ իր երկրին պահեստի եւ ներդրումներու սնտուկները երկրին ներքին համախառն արտադրութեան աւելի քան 250 առ հարիւրն են եւ կոչ ուղղած է «քաթարական ռիալին շուրջ կատարուած նախատեսութիւններէն չմտահոգուելու»:

Քաթարի ելեւմուտքի նախարարը յայտնած է, որ կառավարութեան կողմէ շուկայի միջամտութիւն կատարելու եւ պարտամուրհակներ գնելու կարիքը չկայ: «Տակաւին աշխարհի վրայ 20 կամ 25 լաւագոյն երկիրներէն մէկն ենք», ըսաւ ան` շեշտելով.«Մենք մեր շուրջ եղողներէն շատ աւելի լաւ ենք»: