Լեռնալիբանանի Պաաքլին գաւառին մէջ գրանցուած է ծանր սպանդ մը, որ ցնցած է ամբողջ Լիբանանը։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը հաղորդելով, որ անարգ ոճիրի զոհ գացած են ինը անձեր, որոնց չորսը լիբանանցիներ են, իսկ հինգը Լիբանան ապրող սուրիացիներ։
Ոճիրէն անմիջապէս ետք ապահովական մարմիններ փութացած են Պաաքլին եւ քննութիւն բացուած է դէպքին շուրջ։
Մինչեւ այս պահը յստակ տուեալներ չեն հաղորդուիր, սակայն կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ ոճիրը եղած է անհատական վրէժխնդրութեան ֆոնին։
Այլ մանրամասնութիւններ ցարդ չեն հաղորդուիր։