Պոլսահայ անուանի երաժիշտ Կարօ Մաֆեանի դէմ ծանր մեղադրանքներ հնչած են: Պոլսահայ երաժիշտին դէմ գրութիւններ լոյս տեսած են տարբեր պարբերականներու էջերուն, բայց ամէնէն ծանր մեղադրանքը լոյս տեսած է «Սապահ» իշխանական թերթին մէջ: Թերթի սիւնակագիրներէն Էօմէր Քարահան, յօդուած մը ստորագրելով, ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է Մաֆեանի հասցէին, ըսելով, որ ան անմիջական կապեր ունի ՖԷԹՕ շարժումին եւ անոր առաջնորդ համարուող թուրք կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի վստահուած անձերէն մին է: Քարահան նաեւ կը գրէ, որ Մաֆեան, որ յայտնի անուն է Պոլսոյ մէջ, դրամական մեծ յատկացումներ ըրած է Կիւլէնի տնօրինութեամբ գործող կարգ մը հիմնարկներու: Ան, որպէս օրինակ կը նշէ «Եէտի րէնկ» հիմնարկը , ուր Մաֆեան գործած է, որպէս որոշում առնող պատասխանատու անձ մը: Լրագրողը կը յիշեցնէ, որ հիմնարկը Կիւլէնի տնօրինութեան տակ գործող հիմնարկ է եւ փակուած է 15 յուլիսի դէպքերէն ետք: Իր կարգին հայ երաժիշտը պատասխանելով եղած մեղադրանքներուն յայտնած է, թէ ինք որպէս երաժիշտ համագործակցութեան մէջ է տարբեր հիմնարկներու հետ եւ կ'աշխատի միայն մասնագիտական եւ արհեստավարժ հիմունքներով: Մաֆեան նաեւ հերքած է իր դէմ ուղղուած բոլոր տեսակի մեղադրանքները ըսելով՝ «Ես ոչ մէկ կապ ունիմ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի հիմնարկներուն հետ»: Նշենք, որ Մաֆեանի դէմ եղած մեղադրանքը առաջինը չէ, որ կ'ուղղուի համայնքի հայ անդամներուն դէմ եւ այս ալիքը սաստկացած է յատկապէս Թուրքիոյ մէջ եղած 15 յուլիսի յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք: Յիշեցնենք, որ Մաֆեան 2014 թուականին ընտրուած է Թուրքիոյ «Երաժշտական ստեղծագործութիւններու հեղինակներու մասնագիտական միութեան» նախագահ եւ ըստ թերթին, Մաֆեան այդ պաշտօնին հասած է «Կիւլէնի անմիջական զօրակցութեամբ եւ նեցուկով»: