Անցնող շաբաթ գիշերը ծանր գիշեր մը եղած է Հալէպի համար: Տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ հրթիռարձակումներու թիրախ դարձած են յատկապէս Հալէպի Սըլայմանիյէի եւ «Ալ Ժապրիյէ» շրջանները: Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով եւ ըստ նախնական տուեալներու, ինկած են 4 զոհեր, որոնցմէ մէկը Վիգէն Ոսկերիչեանն է: Իր կարգին iNews Ֆէյսպուքեան էջին համաձայն Վիգէնին ու անոր հետ զոհուածներուն դիակները հանուած են փլատակներուն տակէն: Հալէպի «Գանձասար»ը կը փոխանցէ, որ զոհուած Վիգէն Ոսկերիչեան 1983-ի ծնունդ է, անդին iNews էջը կը հաղորդէ, որ զոհուած հայորդին 40 տարեկան է: Յիշեցնենք, որ անցնող օրերուն Հալէպի ընդհանուր իրավիճակը դարձեալ լարուած էր: