image

Ծանր Գիշեր Մը Եւս Հալէպի Համար. Զոհուած Է Վիգէն Ոսկերիչեանը

Ծանր   Գիշեր Մը Եւս Հալէպի Համար. Զոհուած Է Վիգէն  Ոսկերիչեանը

Անցնող շաբաթ  գիշերը ծանր  գիշեր մը  եղած է Հալէպի համար:  Տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ հրթիռարձակումներու  թիրախ  դարձած  են  յատկապէս Հալէպի Սըլայմանիյէի եւ «Ալ Ժապրիյէ»  շրջանները: Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով   եւ ըստ նախնական տուեալներու,   ինկած են 4    զոհեր,  որոնցմէ մէկը  Վիգէն Ոսկերիչեանն է:     Իր  կարգին iNews    Ֆէյսպուքեան  էջին համաձայն  Վիգէնին   ու անոր  հետ զոհուածներուն  դիակները  հանուած են փլատակներուն  տակէն: Հալէպի  «Գանձասար»ը  կը  փոխանցէ, որ զոհուած  Վիգէն Ոսկերիչեան  1983-ի  ծնունդ է,  անդին   iNews  էջը կը հաղորդէ, որ զոհուած հայորդին   40 տարեկան   է:  Յիշեցնենք, որ անցնող  օրերուն Հալէպի  ընդհանուր իրավիճակը  դարձեալ     լարուած  էր: