Արցախեան սահմանի ողջ երկայնքով հակառակորդը երէկ գիշեր պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններ կատարած է: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Թշնամին կրակ բացած է նաեւ խաղաղ բնակչութեան բնակավայրերու ուղղութեամբ: Կը հաղորդուի, որ հայկական սահմանապահ զօրքերը վար առած են ազրպէյճանական բանակի ուղղաթիռ մը: Կը սպասուին լրացուցիչ տեղեկութիւններ: