Մինչ կը հաղորդուի «Սասնայ ծռեր» խումբի պահանջը Ժիրայր Սէֆիլեանի Էրէբունի ՊՊԾ գունդի շրջակայքը տեսնելու անձամբ վարելու համար բանակցութիւնները, լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման անունով հանդէս եկող Վարուժան Աւետիսեան հեռախօսային կապի մէջ մտած է Ժիրայր Սէֆիլեանին հետ ու յառաջիկայ ժամերուն յայտնի պիտի ըլլայ անոնց զէնքերը վար դնելու կամ նոյն ընթացքով իրադրութիւնը շարունակելու հանգամանքը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բանակցային այս փուլին յաջողման համար կարեւոր գործ կը տանի Արցախի հերոս Վիթալի Բալասանեան: Ինչ կը վերաբերի ՊՊԾ գունդի շրջակայքի ընդհանուր իրադրութեան, ապա կարելի է ըսել, որ գունդին շուրջ կը տիրէ զգուշաւոր լարուածութիւն: Նշենք, որ եղած փոխհրաձգութեան արդիւնքով «Սասնայ ծռեր» խումբի մէկ այլ անդամ Սեդրակ Նազարեան կուրծքէն վիրաւորում ստացած ու փոխադրուած էր հիւանդանոց: Ան ենթարկուած էր վիրաբուժութիւն եւ ապա ուշքի եկած: Նշենք, որ ոստիկանութեան բանբեր Աշոտ Ահարոնեան հերքած էր բոլոր այն տեղեկութիւնները ըստ, որոնց «Սասնայ ծռեր»ու խումբի անդամ՝ Էտուարտ Գրիգորեան անյետացած է «Գրիգոր լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնէն: Ահարոնեան կտրականապէս հերքած է այդ տեղեկութիւնը եւ յաւելած , որ Գրիգորեան անունով զինեալը երբեք չէ եղած հիւանդանոցին մէջ: