image

Տիգրանակերտի Հայկական Եկեղեցիները Դարձեալ Թիրախ

Տիգրանակերտի Հայկական Եկեղեցիները  Դարձեալ Թիրախ

Տիգրանակերտի  հայկական  եկեղեցիները  յայտնուած են  ծանր դրութեան մը մէջ: Այս  մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պոլսոյ իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը նշեց, որ Տիգրանակերտի Սուր գաւառին մէջ թրքական բանակին եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող բախումներէն ծանրօրէն տուժած է Սուրբ Սարգիս հայ կաթողիկէ եկեղեցին: Նշենք, որ  թրքական IMC հեռատեսիլէն սփռուած տեսանիւթի մը մէջ կ’երեւի, թէ այդ եկեղեցին շատ ծանր վնասներ կրած է: Իսկ ընկերային ցանցերու վրայ շրջող նկարներէ ալ կը պարզուէր, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերնատունին եւս «բաժին ինկած է» այդ բախումներէն: Վերնատան պատերէն մէկուն վրայ բացուած է շուրջ 1 մեթր տրամագիծով խոշոր ծակ մը: Տիգրանակերտի   տարբեր շրջաններուն մէջ կացութիւնը կը մնայ պայթիւնավտանգ  եւ   տեղի  քիւրտ բնակչութեան  ու  թրքական ուժերուն  մէջ  կը գրանցուին տարաբնոյթ բախումներ:  Ապահովական ուժեր արցունքաբեր կազ  կը  գործածեն ցրուելու համար ցուցարարները: