Տիգրանակերտի հայկական եկեղեցիները յայտնուած են ծանր դրութեան մը մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նշեց, որ Տիգրանակերտի Սուր գաւառին մէջ թրքական բանակին եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող բախումներէն ծանրօրէն տուժած է Սուրբ Սարգիս հայ կաթողիկէ եկեղեցին: Նշենք, որ թրքական IMC հեռատեսիլէն սփռուած տեսանիւթի մը մէջ կ’երեւի, թէ այդ եկեղեցին շատ ծանր վնասներ կրած է: Իսկ ընկերային ցանցերու վրայ շրջող նկարներէ ալ կը պարզուէր, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերնատունին եւս «բաժին ինկած է» այդ բախումներէն: Վերնատան պատերէն մէկուն վրայ բացուած է շուրջ 1 մեթր տրամագիծով խոշոր ծակ մը: Տիգրանակերտի տարբեր շրջաններուն մէջ կացութիւնը կը մնայ պայթիւնավտանգ եւ տեղի քիւրտ բնակչութեան ու թրքական ուժերուն մէջ կը գրանցուին տարաբնոյթ բախումներ: Ապահովական ուժեր արցունքաբեր կազ կը գործածեն ցրուելու համար ցուցարարները: