Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Հարաւային Ամերիկա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս այցելած է Արժանթին:
Թրքական «Ahaber» լրատուական կայքի համաձայն, Չաւուշօղլուն հանդիպում ունեցած է Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Սուսաննա Մալեորրայի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւններուն՝ այդ թուին ուժանիւթին եւ առեւտրատնտեսական ոլորոտներուն վերաբերող շարք մը կարեւոր հարցեր:
Թրքական մամուլին ներկայացնելով իր այցի մանրամասները՝ Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ արժանթինցի իր գործընկերոջ հետ զրոյցին անդրադարձ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին.
«Տարիներ շարունակ մեր յարաբերութիւններու վրայ ազդող հայկական հարցի վերաբերեալ եւս միտքեր փոխանակեցինք: Կը կարեւորենք այս հարցի մէջ Արժանթինի կառավարութեան, արտաքին գործերու նախարարութեան եւ անձամբ նախարարի դիրքորոշումը: Անոնց ըսինք, որ թոյլ չենք տար, որ մեր յարաբերութիւնները գերի դառնան այս հարցին», -ըսած է թուրք նախարարը:
Այցի ընթացքին Թուրքիոյ եւ Արժանթինի միջեւ ստորագրուած է «Մաքսային հարցերու մէջ համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան» պայմանագիր: Բացի այդ ստորագրուած են շարք մը այլ փաստաթուղթեր, որոնք նպատակ ունին խորացնել թուրք-արժանթինեան յարաբերութիւնները: