image

Թոյլ չենք տար Արժանթինի հետ մեր յարաբերութիւնները գերի դառնան Ցեղասպանութեան հարցին. Չաւուշօղլու

Թոյլ չենք տար Արժանթինի հետ մեր յարաբերութիւնները գերի դառնան Ցեղասպանութեան հարցին. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար  Մեւլութ Չաւուշօղլուն Հարաւային Ամերիկա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս այցելած է Արժանթին:

Թրքական «Ahaber» լրատուական կայքի համաձայն, Չաւուշօղլուն հանդիպում ունեցած է Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Սուսաննա Մալեորրայի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւններուն՝ այդ թուին ուժանիւթին եւ առեւտրատնտեսական ոլորոտներուն վերաբերող շարք մը կարեւոր հարցեր:

Թրքական մամուլին ներկայացնելով իր այցի մանրամասները՝ Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ արժանթինցի իր գործընկերոջ հետ զրոյցին անդրադարձ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին.

«Տարիներ շարունակ մեր յարաբերութիւններու վրայ ազդող հայկական հարցի վերաբերեալ եւս միտքեր փոխանակեցինք: Կը կարեւորենք այս հարցի մէջ Արժանթինի կառավարութեան, արտաքին գործերու նախարարութեան եւ անձամբ նախարարի դիրքորոշումը: Անոնց ըսինք, որ թոյլ չենք տար, որ մեր յարաբերութիւնները գերի դառնան այս հարցին», -ըսած է թուրք նախարարը:

Այցի ընթացքին Թուրքիոյ եւ Արժանթինի միջեւ ստորագրուած է «Մաքսային հարցերու մէջ համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան» պայմանագիր: Բացի այդ ստորագրուած են շարք մը այլ փաստաթուղթեր, որոնք նպատակ ունին խորացնել թուրք-արժանթինեան յարաբերութիւնները: