Տիգրանակերտի (Տիարպէքիր) աւելի քան 50 քիւրտ գործիչներ Ապտուլլահ Օճալանի համար հացադուլ պիտի սկսին: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ դիտել կու տան, որ շուրջ 500 օրէ ի վեր Էմրալը բանտին մէջ եղող քիւրտ առաջնորդէն ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ: Անոնք նաեւ Տիարպէքիրի մէջ կայացած ժողովի մը ընթացքին բարձրաձայնած են այն մասին, որ երկրի իշխանութիւնները արգելքներ դրած են Օճալանի հետ հանդիպում ունենալու դէմ: Ըստ քրտական կայքերու, քիւրտ պատասխանատուները տեղեկութիւններ ունին այն մասին, որ երկրին մէջ եղած յեղաշրջման փորձ ( 15 յուլիս) կատարողները նպատակ ունէին վնաս հասցընել PKK-ի հիմնադիր համարուող Օճալանին: Նշենք, որ Ապտալլա Օճալան ցկեանս բանտարկութեան ենթարկուած է, եւ կը գտնուի Էմրալը բանտին մէջ: