Թուրքիոյ զինուած ուժերու մէջ կիւլէնականներ բացայայտելու հետախուզական գործողութիւնները կը շարունակուին: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «trthaber.com» լրատուական կայքը, նշելով որ Իզմիրի ոստիկանութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի բաժինի աշխատակիցներու կողմէ ձերբակալուած են 37 սպաներ:
Ձերբակալուածները կը մեղադրուին Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ ահաբեկչական հռչակուած «Հիզմէթ Հարեքէթի» ազդեցիկ կրօնական շարժումին անդամակցելու եւ անոր գործունէութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու մէջ:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները «Հիզմէթ հարեքէթի» կրօնական շարժումի առաջնորդ Կիւլենը կը մեղադրեն 2016 թուականի Յուլիսի 15-ի յեղաշրջման փորձը կազմակերպելու մէջ: Ան ներկայիս կը գտնուի ԱՄՆ՝ որպէս վտարանդի:
Վտարանդի քարոզիչը սակայն յայտարարած է, որ պատասխանատւութիւն չի կրեր ռազմական յեղաշրջման փորձ կատարելու առումով: Անոր խօսքով` ինք մշտապէս հանդէս կու գայ բարեփոխումներու նկատմամբ ժողովրդավարական մօտեցումներու օգտին, իսկ բանակային ապստամբութիւնը միայն վնաս կը բերէ: