Թուրքիոյ հանրապետական դատախազութիւնը երկրի ֆութպոլային ոլորտը մանրադիտակի տակ վերցուցած է` յայտնաբերելու ԱՄՆ բնակող իսլամ գործիչ Ֆէթհուլլա Կիւլէնի կողմնակիցները: Թրքական «Haberler.com» լրատուական կայքի համաձայն, դատախազութեան կողմէ կ'ուսումնասիրուին 2008 թուականէն մինչ օրս թրքական ֆութպոլի մէջ տեղի ունեցած բոլոր հանդիպումները, փոխանցումներն ու գործարքները: Առանձին-առանձին կ'ուսումնասիրուին բոլոր ֆութպոլիստներու, մարզիչներու, ակումբներու նախագահներու ու այլ պատասխանատուներու գործերը:
Դատախազութեան սկսած հետաքննութեան արդիւնքով ցարդ 2.000 ֆութպոլիստի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութիւն պատրաստուած է: 18 մրցավարի հանդէպ մեղադրանք ներկայացուած է ֆութպոլի մէջ կիւլէնական ցանց հիմնելու համար:
Մեղադրական եզրակացութեան մէջ «յանցագործները» մեղադրուած են Թուրքիոյ կառավարութիւնը հեռացնելու կամ անոր աշխատանքները խոչընդոտելու, սահմանադրական կարգը տապալելու, Թուրքիոյ խորհրդարանի աշխատանքները տապալելու նպատակով «Ֆէթհուլլահական աբեկչական կազմակերպութիւններ» ու («FETO») անդամ ըլլալը: