image

Թուրքիոյ իշխանութիւնները քանդել կու տան Աթաթուրքի կառուցած պատմական հիւրանոցը

Թուրքիոյ իշխանութիւնները քանդել կու տան Աթաթուրքի կառուցած պատմական հիւրանոցը

Թուրքիոյ Պուրսա նահանգին մէջ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի անմիջական նախաձեռնութեամբ, 1930-ականներուն կառուցուած պատմական հիւրանոցը իշխանութիւններու կողմէ կը քանդուի: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» պարբերականը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Պուրսայի նահանգապետարանը քանդման աշխատանքներէն ետք պիտի նախաձեռնէ հոն գտնուող ինքնաշարժի կայանատեղի կառուցման նոր նախագիծ:

Նոյն պարբերականը նախապէս յայտնած էր, որ Էրտողանի իշխանութիւնները քանդած են նաեւ Թուրքիոյ 8-րդ նախագահ Թուրկութ Օզալի յայտնի ամառանոցը, որ կը գտնուի Մուղլա նահանգի Մարմարիսի շրջանը: 

Կը նշուի նաեւ, որ պետութիւնը տարածքը վաճառած է մասնաւոր ընկերութեան, որպէսզի շրջանին մէջ ժամանակակից բնակելի թաղամաս կառուցէ։