Թուրքիոյ Պուրսա նահանգին մէջ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի անմիջական նախաձեռնութեամբ, 1930-ականներուն կառուցուած պատմական հիւրանոցը իշխանութիւններու կողմէ կը քանդուի: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» պարբերականը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Պուրսայի նահանգապետարանը քանդման աշխատանքներէն ետք պիտի նախաձեռնէ հոն գտնուող ինքնաշարժի կայանատեղի կառուցման նոր նախագիծ:
Նոյն պարբերականը նախապէս յայտնած էր, որ Էրտողանի իշխանութիւնները քանդած են նաեւ Թուրքիոյ 8-րդ նախագահ Թուրկութ Օզալի յայտնի ամառանոցը, որ կը գտնուի Մուղլա նահանգի Մարմարիսի շրջանը:
Կը նշուի նաեւ, որ պետութիւնը տարածքը վաճառած է մասնաւոր ընկերութեան, որպէսզի շրջանին մէջ ժամանակակից բնակելի թաղամաս կառուցէ։