image

Թուրքիոյ հետ կնքուած պայմանագիրին կարելի չէ վստահին.Աւստրիացի նախարար

Թուրքիոյ հետ կնքուած պայմանագիրին կարելի չէ վստահին.Աւստրիացի նախարար

Եւրոմիութեան (ԵՄ) եւ Թուրքիոյ միջեւ փախստականներու հոսքի կանխարգելման վերաբերեալ կնքուած պայմանագիրը վստահելի չէ Աւստրիոյ համար: «Deustche Welle» -ի թրքական ծառայութեան փոխանցմամբ, այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Հանս Փիթըր Տոսկոզիլ՝ գերմանական «Die Welt» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

«Թուրքիոյ հետ ստորագրած պայմանագրին կարելի չէ վստահիլ: Մենք այս պահին աշխոյժօրէն պէտք է նախապատրաստուինք Անգարայի իշխանութիւններու կողմէ սահմաններու հնարաւոր վերաբացման», - կը նշէ ան: Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարարը յիշեցուցած է սահմանները բանալու վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ անցեալին հնչեցուած սպառնալիքները եւ աւելցուցած, որ վերջինս «Եւրոմիութեան համար վստահելի գործընկեր չէ»:

Նախարարը նշած է, որ իրենք աշխատանքներ կը տանին՝ պալքանեան տարածաշրջանի երկիրներու սահմանները հնարաւորինս ամուր փակելու ուղղութեամբ: «Մենք չենք հաւատար, որ մինչ օրս Եւրոմիութիւնը բաւարար չափով պաշտպանած է Եւրոպայի արտաքին սահմանները» -աւելցուցած  է ան: