Եւրոմիութեան (ԵՄ) եւ Թուրքիոյ միջեւ փախստականներու հոսքի կանխարգելման վերաբերեալ կնքուած պայմանագիրը վստահելի չէ Աւստրիոյ համար: «Deustche Welle» -ի թրքական ծառայութեան փոխանցմամբ, այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Հանս Փիթըր Տոսկոզիլ՝ գերմանական «Die Welt» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:
«Թուրքիոյ հետ ստորագրած պայմանագրին կարելի չէ վստահիլ: Մենք այս պահին աշխոյժօրէն պէտք է նախապատրաստուինք Անգարայի իշխանութիւններու կողմէ սահմաններու հնարաւոր վերաբացման», - կը նշէ ան: Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարարը յիշեցուցած է սահմանները բանալու վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ անցեալին հնչեցուած սպառնալիքները եւ աւելցուցած, որ վերջինս «Եւրոմիութեան համար վստահելի գործընկեր չէ»:
Նախարարը նշած է, որ իրենք աշխատանքներ կը տանին՝ պալքանեան տարածաշրջանի երկիրներու սահմանները հնարաւորինս ամուր փակելու ուղղութեամբ: «Մենք չենք հաւատար, որ մինչ օրս Եւրոմիութիւնը բաւարար չափով պաշտպանած է Եւրոպայի արտաքին սահմանները» -աւելցուցած է ան: