Թուրքիոյ զիննուած ցամաքային ուժերու հրամանատար, բանակի զօրավար՝ Սալիհ Զէքի Չոլաքը մեկնած է Ազրպէյճան եւ իր այցի ընթացքին տեսակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար՝ Զաքիր Հասանովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու ռազմական եւ քաղաքական իրավիճակը, փոխ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ թուրք եւ ազրպէյճանցի զինուորներու ռազմակրթական հարցերը եւ այլ երկիրներու հետ զինուած ուժերու միատեղ զօրավարժութիւններ կատարելու հնրաւորութիւնը: