image

Թուրքիոյ Առաջատար Թերթերէն Մէկը ՝ «Ռատիքալ»ը Այսօր Դադրեցաւ

Թուրքիոյ Առաջատար Թերթերէն Մէկը ՝ «Ռատիքալ»ը  Այսօր  Դադրեցաւ

Թուրքիոյ  ամէնէն ընդդիմադիր  համարուած թերթերէն «Ռատիքալ»ը, մարտ 25էն սկսեալ պիտի դադրի հրատարակուելէ։ Թերթի գլխաւոր խմբագիր Ճեմ Էրճիէս 24 մարտին գերմանական «Deutsche Welle»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած է թերթի փակուելուն մասին վերջին քանի մը օրերուն շրջող տարաձայնութիւնները՝ նշելով, որ աշխատակիցներուն մէկ մասը պիտի տեղափոխուի «Հիւրրիէթ», իսկ մեծ մասը անգործ պիտի դառնայ:  Տեղի է նշել, որ  վերջին    շրջանին «Ռատիքալ»  լոյս  կը տեսնէր  միայն ելեքդրոնային տարբերակով: Յիշեցնենք, որ «Ռատիքալ»  Թուրքիոյ մէջ թապու համարուած  այլ  նիւթերու  կողքին կարեւոր տեղ կու տար Հայոց Ցեղասպանութեան  խնդրին  ու  նիւթի շուրջ      տեղի ունեցող  խմորումներուն:  «Րատիքալ»ի փակումով Թուրքիոյ առաջատար մտաւորականութիւնը կարեւոր բեմ մը կորսնցուց: