Թուրքիոյ ամէնէն ընդդիմադիր համարուած թերթերէն «Ռատիքալ»ը, մարտ 25էն սկսեալ պիտի դադրի հրատարակուելէ։ Թերթի գլխաւոր խմբագիր Ճեմ Էրճիէս 24 մարտին գերմանական «Deutsche Welle»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած է թերթի փակուելուն մասին վերջին քանի մը օրերուն շրջող տարաձայնութիւնները՝ նշելով, որ աշխատակիցներուն մէկ մասը պիտի տեղափոխուի «Հիւրրիէթ», իսկ մեծ մասը անգործ պիտի դառնայ: Տեղի է նշել, որ վերջին շրջանին «Ռատիքալ» լոյս կը տեսնէր միայն ելեքդրոնային տարբերակով: Յիշեցնենք, որ «Ռատիքալ» Թուրքիոյ մէջ թապու համարուած այլ նիւթերու կողքին կարեւոր տեղ կու տար Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին ու նիւթի շուրջ տեղի ունեցող խմորումներուն: «Րատիքալ»ի փակումով Թուրքիոյ առաջատար մտաւորականութիւնը կարեւոր բեմ մը կորսնցուց: