Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանը պարտաւորեցուցած է պետութեան թուրք յայտնի պատմաբան, փրոֆէսօր, 2008թ. «Հայե՛ր, ներեցեք մեզ» բողոքի առաջամարտիկներէն Պասքըն Օրրանին 27.000 թրքական լիրա փոխհատուցում վճարել:
2008թ. Պասքըն Օրրան, կառավարութեան մարդու իրաւունքներու խորհրդակցական յանձնաժողովի անդամ հանդիսանալով, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու եւ մշակութային իրաւունքներու վերաբերեալ զեկոյց պատրաստած էր: Այդ զեկոյցը արժանացած էր ազգայնական շրջանակներու բուռն քննադատութեան, եւ որպէս արդիւնք Պասքըն Օրրան յայտնուած էր անոնց թիրախի կեդրոնը:
Մասնաւորապէս «Թուրք վրիժառուներու բրիգադ» (TİT) կոչուող խմբաւորման կողմէ Օրրանի ստացած սպառնալիքը պետութեան կողմէ պատշաճ ուշադրութեան չէր արժանացած: Չնայած հեղինակին ուղղուած ելեկտրոնային փոստով ուղարկուած սպառանլիքի՝ այնուամենայնիւ դատական գործընթացը անհասկանալի կերպով աւարտած էր եւ տուեալ անձը պատիժի չէր ենթարկուած:
Պասքըն Օրրանի փաստաբան Օյա Այտըն Կիոքթաշ դիմում ներկայացուցած էր Թուրքիոյ սահմանադրական դատարան, որու մէջ յիշեցուցած էր նաեւ այն հանգամանքը, որ Հրանդ Տինքին ուղղուած սպառնալիքներն ալ ժամանակին պետութեան կողմէ անտեսուած են, եւ որպէս արդիւնք տեղի ունեցած է Տինքի սպանութիւնը:
Այսպիսով սահմանադրական դատարանը բաւարարած է Պասքըն Օրրանի գործով ներկայացուած դիմումը՝ պարտաւորեցնելով պետութեան կեանքի եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը ոտնահարելու համար Պասքըն Օրրանին 27.000 թրքական լիրա փոխհատուցում վճարել: