Եւրոպական խորհուրդը մեղադրած է Թուրքիան նշելով, որ Թուրքիա հետզհետէ կը հեռանայ եւրոպական արժէչափերէն։
Այս մասին կը գրէ «Ալ Արապիա» կայանը նշելով, որ Եւրոպայի Արտաքին քաղաքականութեան հարցերու ներկայացուցիչ՝ Ժոզէֆ Պորել մատնանշած է, որ ժամանակը հասած է զսպելու համար Թուրքիոյ ժխտական նկրտումներու Միջերկրականի ջուրերու մէջ։
Պորել շեշտած է, որ Եւրոպան պիտի շարունակէ վերահսկել զէնքի հոսքը դէպի Լիպիա նկատել տալով նաեւ, որ այդ առումով Թուրքիա կը շարունակէ խախտել դէպի Լիպիա զէնքի հոսքը դադրեցնելու կոչերն ու համաձայնութիւնները։
Պորել, որ վերջերս, Նիկոսիա, Աթէնք եւ Անգարա այցելած էր ըսած է, որ այդ երկու երկիրներուն (նկատի ունի Յունաստանն ու Կիպրոսը խմբ. ՝«Արեւելք») եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ լարուածութիւնը կարելի է վերացն ել միայն դիւանագիտական ճանապարհներով յիշեցնելով, որ Եւրոպան չի ճանչնար Կիպրոսի Հիւսիսային Հանարապետութեան օրինականութիւնը եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ տարուած հորատման աշխատանքները Կիպրոսի ջուրերուն մէջ:
Իր կարգին Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութեան՝ «Եւրոպական Ժողովուրդ»-ի նախագահ՝ Մանֆրետ Ուէպըր, ըսած է, թէ Եւրոպական Խորհուրդը այնքան ալ միամիտ չէ, ան ունի Թուրքիոյ վրայ ճնշելու փաստաթուղթեր, աւելցնելով, որ «Թուրքիան օրէ օր կը հեռանայ Եւրոպական չափանիշներ»էն: