4 ապրիլ 2016-էն ուժի մէջ մտած էր փախստականներու անօրինական ներհոսքի կանխարգելման նպատակով Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ կնքուած պայմանագիրը: Թրքական «Hürriyet» լրատուակայքի տեղեկացմամբ՝ պայմանագիրի ծիրէն ներս մինչ օրս Թուրքիան ետ ընդունած է 801 անօրինական փախստական, որոնք Թուրքիոյ տարածքով Յունաստան անցած էին 20 մարտ 2016-էն ետք:
Անոր փոխարէն ԵՄ երկիրները իրենց հերթին օրինական ճանապարհով Թուրքիայէն ընդունած են 2672 սուրիացի գաղթական: Ընդ որում, Գերմանիան ընդունած է 1.060, Ֆրանսան՝ 438, Հոլանտան՝ 409 փախստական:
Նշենք, որ վերոնշեալ պայմանագրով Թուրքիան պարտաւորուած է ետ ընդունիլ 20 մարտ 2016-էն ետք իր տարածքով Եւրոպա մուտք գործած բոլոր անօրինական գաղթականներուն, իսկ ԵՄ երկիրները պարտաւորուած են օրինական ճանապարհով ընդունիլ ճիշդ նոյնքան փախստականներ: Արտայանձնուող փախստականներու ճանապարհային բոլոր ծախսերը պէտք է հոգայ Եւրոմիութիւնը: