Թուրքիոյ իրաւասու մարմինները յայտարարած են, որ քաղաքներու մէջ բնակող սուրիացի մուրացկանները պիտի տեղափոխուին փախստականներու ճամբարներ եւ ժամանակաւոր պատսպարաններ: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Որոշման մասին հրապարակուած է 2018 թուականին Թուրքիա ապաստանած գաղթականներուն յատկացուելիք պիւտճէի կառավարման գրքոյկին մէջ:
Գրքոյկին մէջ նշուած է, որ բոլոր այն սուրիացի մուրացկանները, որոնք հակառակ բոլոր զգուշացումներուն, կը շարունակեն մուրացկանութեամբ զբաղիլ փողոցներու եւ թաղերու մէջ, սուրիացիներուն յատկացուած ժամանակաւոր պատսպարանները պիտի տեղափոխուին:
«Թուրքբրէս»ի հաղորդմամբ, «Գաղթականութիւն» անունով համացանցային բազմալեզու կայան մըն ալ պիտի հիմնուի, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Թուրքիա ապաստանած օտարերկրացիներու իրազեկումը: