Լոնտոնի մէջ սուրիական դիտարանը յայտարարած է, որ հակառակ թրքական ուժի հզօրութեան, եւ վերջինիս կողմէ հասցուած օդային հարուածներուն, Աֆրինի մէջ քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու ցուցաբերած յամառ պայքարը անակնկալի մատնած է Թուրքիան, մանաւանդ, որ թրքական կողմի կրած մարդկային վնասներն աւելի մեծ են համեմատած քիւրտերու կորուստներուն հետ, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Նշենք, որ Թուրքիա յայտարարած էր, թէ ընդամէնը 4 օրուան ընթացքին պիտի գրաւէր Աֆրին քաղաքը, սակայն ըստ երեւոյթին, պատերազմը նախատեսուածէն շատ աւելի երկար պիտի տեւէ: