image

Թուրքիա. Քրտամէտ ընդդիմութիւնը Էրտողանէն հաշիւ կը պահանջէ

Թուրքիա. Քրտամէտ ընդդիմութիւնը    Էրտողանէն  հաշիւ կը պահանջէ

«AL arabiya.net»ը կը գրէ. Թուրքիոյ Խորհրդարանի քրտական ընդդիմադիր Դեմոկրատ ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) ներկայացուցիչ՝ Սարպէլ Քեմալպայը հայց ներկայացուցած է հարցաքննելու Արտաքին Գործերու Նախարար՝ Մեւլուտ Չաուշօղլուն, ճշդելու համար Ատրպէյճան վարձկաններ ու ռազմական ինքնաթիռներ ուղարկելու   մասին շրջանառուող տեղեկութիւնները:

Քմալպայը շեշտած է, որ պէտք է պարզուի այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Աֆրին քաղաքէն 4000 սուրիացի վարձկաններ տեղափոխած է Ղարաբաղի շրջան՝ ամսական 1800 ամերիկեան տոլարի դիմաց, եւ   անոնց պարտականութիւնը երեք ամիս պիտի տեւէ:

Ան շեշտած է նաեւ, որ անհրաժեշտ է պարզել եւ իմանալ ճշմարտացիութիւնը՝ Հայաստանի դէմ պատերազմին թրաքկան «F-16» տիպի ռազմական ինքնաթիռներ ու անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործելու մասին տեղեկութիւնները:

Պատգամաւորը յայտնած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ ընթացող   ծանր բախումներուն պատճառով երկուստեք խաղաղ բնակիչներ կը սպանուին:

Ան նշած է նաեւ. «Մինչ աշխարհի երկիրները կողմերուն կոչ կ'ընեն նուազեցնելու լարուածութիւնը եւ բանակացութիւններու սեղանին շուրջ նստելու, մեր պետութիւնը, սակայն, յայատարարեց, որ Թուրքիոյ Ատրպէյճանին աջակցութիւնը ամբողջական է եւ պատրաստ է միջամտելու այնպէս՝ ինչպէս Ատրպէյճանը կը փափաքի»: