Սեւակ Արծրունիի կարծիքով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Վրաստանի մէջ ընթացք առած գործընթացները վտանգաւոր են ոչ միայն վիրահայութեան կամ Հայաստանի, այլ ամբողջ տարածքաշրջանի պետութիւններուն համար: Ան այս մասին գրած է իր «Հայութեան անվտանգութեան համար ո՞րն է առաջնային՝ Ջաւախքը, թե՞ Վրաստանը» խորագրեալ յօդուածին մէջ նշելով , որ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնէն ասդին զգալիօրէն նուազած են հայութեան դէմ քաղաքական հալածանքները: Ըստ հասարակական գործիչին, հայութիւնը նոյնպէս կարեւոր ճիգ թափած է պայքարելու համար վրացահայութեան, բայց մասնաւորապէս ջաւախքահայութեան իրաւունքներու ձեռքբերման համար: Ան, թուարկելով Վրաստանի մէջ հայութեան համար գերխնդիր հանդիսացող հարցերը, նկատել տուած է, թէ հայութեան առաջնակարգ օրակարգերէն պէտք է համարել Վրաստանի մէջ հայ- վրացական համալսարանի հիմնումը, հայերէն լեզուի եւ հայկական մշակութային արժէքներու պահպանումը եւ այլ հարցեր: Այս առումով Արծրունի նաեւ գրած է, թէ Միխայիլ Սահակաշվիլիի իշխանութեան օրերուն Ջաւախքի մէջ հայութեան դէմ եղած արշաւէն եւ մասնաւորապէս հասարակական գործիչ Վահագն Չախալեանի ազատ արձակումէն ետք նահանջ արձանագրած է վրացահայութեան եւ Ջաւախքի խնդիրներուն շուրջ ընդհանուր հետաքրքրութիւնը եւ այդ օրակարգը դուրս եկած է հանրութեան հետաքրքրութեան ծիրէն:
Ան, ներկայացնելով այսօր Վրաստանի եւ մասնաւորապէս Ջաւախքի մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութիւնը, ահազանգ կը հնչեցնէ, ըսելով որ, վերջին տեղեկութիւններուն համաձյան Չիլտըր/Աքթաշ-Քարծախ սահմանակետի բացումէն ետք մասնաւորապէս Ջաւախքի մէջ մտահոգիչ սկսած է դառնալ թուրք-ազրպէյճանական ներթափանցման գործընթացը: Յօդուածագիրը նաեւ դիտել կու տայ, որ անշարժ գոյքի օտարման, թրքական ներդրումներու, ընդ որում նաեւ՝ թուրք-ազրպէյճանական յանցագործ շրջանակներուն ներթափանցման հետեւանքով Ջաւախքի մէջ օրըստօրէ ավելի զգալի կը դառնայ թուրքիստական վտանգը: Արծրունիի խօսքով, այս հանգրուանին երեւելի դարձած վտանգը կարելի է լուրջ սպառնալիք համարել ոչ միայն Վրաստանի, այլ՝ ամբողջ տարածքաշրջանին համար: Ան, վեր հանելով թուրքիստական այս վտանգի առկայութիւնը, կը շեշտադրէ, որ տեղի ունեցող գործընթացներուն մէջ երեւելի է ոչ միայն ազրպէյճանական, այլ նաեւ՝ թրքական դրամագլուխներու ներհոսքը, բան մը, որ նոյնպէս անհանգիստ կ'ընէ հարեւան Վրաստանը: Յօդուածագիրը այս նոր զարգացումներուն դիմաց մեծապէս կը կարեւորէ ժողովրավարական եւ բարգաւաճ Վրաստանի մը գոյութիւնը, նշելով, թէ հարկ է, որ այդ խնդրի կարեւորութեանը կը գիտակցին Հայաստանի եւ Վրաստանի բարձրագոյն շրջանակները: Միւս կողմէ Արծրունի լուրջ մտավախութիւն կ'արտայայտէ Վրաստանի մէջ ծանր զարգացումներու գրանցման վերաբերեալ, նշելով, որ եթէ Վրաստան ապրի անիշխանական իրավիճակ, այդպիսի քաոսով մը Վրաստանի եւ մասնաւորապէս Ջաւախքի հայութիւնը կրնայ մեծ վնասներու եւ անվտագութեան լուրջ խնդիրներու առջեւ յայտնուիլ: Ան բարձր գնահատելով կայացած եւ հզօր հայոց բանակին դերը կապուած Հայաստանի հարաւային եւ արեւելեան սահմաններու պաշտպանութեան, կարեւոր եւ անշրջանցելի կը համարէ հայ-վրացական բարձրագոյն մակադակի ռազմավարական գործակցութիւնը: Ըստ Սեւակ Արծրունիի, Հայաստանի հիւսիսը թուրք-հայկական նոր փակ սահմանի վերածելու վտանգը, այն ալ ջաւախահայութեան հաշուին, կրնայ ըլլալ նոյնքան, եթե ոչ աւելի վտանգաւոր, քան՝ Արցախի կորուստի վտանգը 1990-ականներուն:
Սեւակ Արծրունի հրապարակած յօդուածը կարելի է կարդալ «Արեւելքի Խօսքը» բաժնին մէջ: