image

Թուրքերը ուղտապաններ են եւ պէտք է իրենց կաւէ խրճիթները վերադառնան. Գերմանացի քաղաքական գործիչ

Թուրքերը ուղտապաններ են եւ պէտք է իրենց կաւէ խրճիթները վերադառնան. Գերմանացի քաղաքական գործիչ

Գերմանիոյ թուրք բնակիչները կը պատրաստուին քրէական հայց ներկայացնել «Գերմանիոյ համար այլընտրանք» կուսակցութեան ակնառու անդամ Անտրէ Պոկինպուրկի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն, թուրքերու խուճապին պատճառն եղած է գերմանացի քաղաքական գործիչին յայտարարութիւնը, թէ «թուրքերը ուղտապաններ են, եւ անոնք պէտք է իրենց կաւէ խրճիթները վերադառնան»:

Պոկինպուրկ միաժամանակ նշած է, որ գերմանաբնակ թուրքերը ուղտի վաճառականներ եւ հովիւներ են:

Նշենք, որ Պոկինպուրկ իր կատարած յայտարարութեան համար բուռն քննադատութիւններու ենթարկուած է տարբեր քաղաքական գործիչներու կողմէ, որոնք զինք մեղադրած են այլատեացութիւն սերմանելու մէջ: