image

Թուրքերը կողոպուտի ենթարկած են Ախալքալաքի սահմանային մէկ գիւղը

Թուրքերը կողոպուտի ենթարկած են Ախալքալաքի սահմանային մէկ գիւղը

Ախալքալաքի Կարծախի գիւղին մէջ գիշերը յարձակած են պահակի վրայ եւ գոմէն գողացած 32 գլուխ խոշոր եղջերաւոր անասուն: Սահմանապահները կրցած են անասունը վերադարձնել նախքան Թուրքիոյ սահմանը հատելը, սակայն կողոպտիչները յաջողած են թաքնուիլ, կը յայտնէ Jnews-ը: 

Թուրքիոյ սահմանակէն Կարծախի գիւղին մէջ աւազակային յարձակումն ու գողութիւնը տեղի ունեցած է ժամը մօտ 1:00-ին: Գոմի պահակ Սարգիս Գասպարեանի խօսքով՝ ինքը հեռախօսով որդիին հետ կը խօսէր, յետոյ աղմուկ եւ շան հաչոցը լսելով՝ բացած է վակոն-տնակի դուռը, ուր կը գիշերէ: Վատ բան զգալով՝ վերադարձած է եւ դուռը փակած: Կողոպտիչները շունը սպաննած էին կրակոցով, յետոյ կոտրած էին վակոնի դուռը եւ ներս մտած:

«Մտան եւ պահանջեցին հեռախօսս: Ես վրացերէն ըսի, որ չեմ տար, իսկ ան թրքերէն ըսաւ՝ ինչպէս չես տար եւ հարուածեց ինքնաձիգի կոթով: Ես հասցուցի հեռախօսս մէկ կողմ նետել: Յետոյ նիւթ մը ցողեցին աչքերուս, մտաւ երկրորդը, եւ սկսան կապկպել թեւերս: Կապեցին պարանով եւ ձեռնաշղթայ հագցուցին, բերանս փակեցին եւ գացին: Անոնք զինուորական համազգեստով էին: Վստահ եմ, որ վրացերէն գիտէին»,- ըսած է Սարգիս Գասպարեանը:

Կողոպտիչներու երթալէն ետք Սարգիս Գասպարեանը դժուարութեամբ քանդած է կապերը, բայց ձեռնաշղթաները մնացած են ձեռքերուն: Ան բացած է դուռը եւ վազած դէպի տիրոջ տուն: Անոր խօսքով՝ սկսած է գլուխով հարուածել պատուհանին՝ մինչեւ  մարդիկ արթնցած են:

Գոմի եւ անասունի տէրը՝ Ատոմ Օգմրցեանը, անմիջապէս ոստիկանութեան զանգած է, յետոյ գացած է սահմանապահ ուղեկալ:

«Ինծի ըսին, որ երբ ես 1:43 զանգեցի, անոնք 1:32 արդէն տեսած էին, որ անասուն կը տեղափոխեն: Ըսին, որ 4 մարդ կար: Փոխհրաձգութիւն եղած էր, եւ կողոպտիչները չէին կրցած տանիլ անասունը, բայց փախած էին, սահմանապահները չէին կրցած բռնել անոնց»,- ըսած է Ատոմ Օգմրցեանը:

Ատոմ Օգմրցեանը եւ գիւղացիները վրդոված են: Սա սահմանամերձ գիւղերու մէջ անասունի գողութեան առաջին դէպքը չէ, իսկ Օգմրցեանի համար սա 3-րդ դէպքն է: Առաջին անգամ անվերադարձ գողցած էին նախանցեալ տարի՝ 34 գլուխ, անցեալ տարի 35 գլուխ անասուն գողացած էին, անոնց գտած եւ վերադարձուցած էին: Բոլոր դէպքերու ժամանակ անասունը տարած էին Թուրքիոյ կողմ: