image

Թշնամին ականանետերէ, նռնականետերէ եւ հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է 40 անգամ. ԼՂՀ ՊՆ

Թշնամին ականանետերէ, նռնականետերէ եւ հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է  40 անգամ. ԼՂՀ ՊՆ

Անցեալ գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը ականանետերէ, տարբեր տիպի նռնականետերէ ու հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 40 անգամ, որու ընթացքին հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 200 կրակոց: 

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, առաւել աշխոյժ խախտումներ արձանագրուած են առաջնային գիծի արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով, ուր ազրպէյճանական զինուժը ականանետէ ու նռնականետերէ ընդհանուր առմամբ արձակած է 15 արկ, որմէ 9-ը ականանետերէ, 6-ը՝ նռնականետերէ: