Անցնող օրերուն թրքական ԶԼՄ-ներու գլխաւոր ուշադրութիւնը սեւեռուած էր ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկ Լեւոն Էքմէքեանի աճիւններուն Փարիզ փոխադրութեան թեմային շուրջ: Այս առումով թրքական Haberler.com կայքը այսօր հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր երեւելի կը դառնայ Էքմէքճեանի թաղուած շիրիմը: Նշենք, որ Էքմէքճեան 1983 թուականին Զօհրապ Սարգիսեանի հետ յարձակում գործած էր Անգարայի Էսէնպողա օդակայանին մէջ գտնուող թուրք զինուորներու կեդրոնի մը վրայ եւ կրակ բանալով սպաննած 9 ու վիրաւորած 82 անձեր: Դէպքին վայրը սպաննուած է նաեւ ԱՍԱԼԱ-ի անդամ Զօհրապ Սարգիսեան, մինչ Էքմէքճեան ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք կալանաւորուած է: Պէյրութ ծնած Էքմէքճեան վեցամսեայ տանջանքներ կրելէ ետք մահապատիժի կ'ենթարկուի: ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկը արդի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ եղաւ վերջին բանտարկեալը, որ մահապատիժի կ'ենթարկուի: Հակառակ իրենց տուած խոստումներուն Թուրքիոյ իշխանութիւնները հայ մարտիկին մահապատիժի ենթարկած են 33 տարի առաջ ՝ 23 Յունուար 1983-ին: