Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ ուշ գիշերին զինեալ դէպք մը պատահած էր Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած էր «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը նշելով, որ ահաբեկիչներ կրակ բացած են Թրիփոլիի «Ալ Մինա» շրջանէն անցնող եւ ապահովական պարտականութիւններ կատարող ՆՔՆ-ի ինքնաշարժին վրայ։
Կրակոցին հետեւանքով սպաննուած էր մէկ ոստիկան եւ վիրաւորուած էին, երկու այլ ուրիշներ, որոնք աւելի ուշ զոհուեցան։
Դէպքէն գրեթէ կէս ժամ ետք շրջան հասած էին բանակի մասնայատուկ խումբեր, որոնք զինեալ ընդհանրման մտած էին ՆԳՆ-ի ինքնաշարժին վրայ կրակ բացած ահաբեկիչին հետ։
Իսկ աւելի ուշ կը հաղորդուէր, որ զինեալ ահաբեկիչը, որ պահուըտած էր շէնքի մը մէջ շուրջ ժամ մը բանակային ուժերու ուղղութեամբ կրակ բանալէ ետք ինքզինք կը պայթեցնէր։
Թրիփոլիի միջադէպը այդպիսով կը հասնէր իր աւարտին, սակայն այսօր հակառակ անոր, որ քաղաքը նոյնպէս կը նշէ իսլամական «Ալ Ֆիթր»ի տօնը շրջանին մէջ դիրքեր հաստատած են լիբանանեան բանակի յատուկ զօրամիաւորումներ։