ԱՄՆ նախագահ Թրամբ մտադիր է արգիլել չինական ընկերութիւններու ներգրաւուածութիւնը ամերիկեան սարքաւորումներու արտադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ արգիլել սարքաւորումներու դէպի Չինաստան արտահանումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Wall Street Journal» թերթը:
Աղբիւրին հաւաստմամբ, Թրամբ իր որոշումը պիտի յայտարարէ այս շաբթուան վերջը:
Նշուած է նաեւ, որ նախագահի որոշումը պիտի տարածուի նոր գործարքներու վրայ, եւ ներկայիս գործող համաձայնութիւնները պիտի չազդուին անկէ: