image

Թայլանտի կառավարութեան տան վրայ անյայտ անձի կողմէ 5 պայթուցիկ արձակուած է

Թայլանտի կառավարութեան տան վրայ անյայտ անձի կողմէ 5 պայթուցիկ արձակուած է

Երեքշաբթի առաւօտեան անյայտ անձ մը Թայլանտի կառավարութեան տան տարածք մտնելով, բարձրացած է այնտեղ գտնուող փոսթային բաժանմունքի տանիք եւ հինգ պայթուցիկ նետած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Nation» թերթը, նշելով, որ միջադէպը իրարանցում առաջացուցած է կառավարութեան աշխատակիցներու մօտ: Աղբիւրի համաձայն տակաւն յայտնի չէ, ոստիկանները յաջողած են ձերբակալել յանցագործը, թէ ոչ: Ըստ թերթի տուեալներուն՝ պայթումներու հետեւանքով տուժողներ չկան:

Նշենք, որ Թայլանտի կառավարութեան տունը շինութիւններու համալիր մըն է, ուր կը գտնուի նախարարներու գրասենեակներն ու կառավարութեան մարմինը: