image

Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործումը սկսաւ․ Փաշինեան զայն ներդրումային յաջողութիւն նկատեց

Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործումը սկսաւ․ Փաշինեան զայն ներդրումային յաջողութիւն նկատեց

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վայոց ձորի մարզին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման մեկնարկի հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ առաջին ոսկիի կորզման եւ ձուլման արարողութիւնը։

Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան Ամուլսարի ծրագիրը որակեց յաջող ներդրումային պատմութիւն՝ ընդգծելով, որ կառավարութեան համար առաջնահերթ եղած են հանրութեան մտահոգութիւններուն պատասխանելը, բնապահպանական հարցերու լուծումը եւ ազդակիր համայնքներու ներգրաւումը։ Ան նաեւ կարեւորեց այն հանգամանքը, որ հանքավայրի շահագործման մեկնարկը տեղի ունեցաւ առանց մօտակայքին բողոքի ցոյցերու։

Վարչապետին համաձայն՝ Ամուլսարի ծրագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման, պետական պիւտճէի եկամուտներու աճին եւ նոր աշխատատեղերու ստեղծման։ Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը ծրագիրին մէջ ունի 12.5 տոկոս բաժնեմաս, որուն շնորհիւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս անմիջական մասնակից կը դառնայ ներդրումային այս նախաձեռնութեան։

«Լիդիան Արմենիա» ընկերութեան ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն՝ Ամուլսարի ծրագիրին մէջ կատարուած ընդհանուր ներդրումը կը հասնի շուրջ 750 միլիոն տոլարի, որուն 150 միլիոնը՝ Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած պետական երաշխիքին հիման վրայ։ Հանքավայրին մէջ նախատեսուած է տարեկան արտադրել շուրջ 210 հազար ունցիա ոսկի, իսկ պետական պիւտճէին վճարուելիք հարկերն ու ռոյալթիները կրնան տարեկան շուրջ 130 միլիոն տոլարի հասնիլ։

Ծրագիրին իրականացումով նախատեսուած է ստեղծել աւելի քան 4,000 ուղղակի եւ անուղղակի աշխատատեղ։ Միաժամանակ, Ջերմուկի, Վայքի եւ Սիսիանի համայնքներուն հետ կնքուած զարգացման համաձայնագիրին համաձայն՝ հանքավայրի շահագործման ամբողջ ընթացքին համայնքներու ընկերային-տնտեսական զարգացման ծրագիրներուն համար տարեկան պիտի յատկացուի 7-9 միլիոն տոլար։

Ամուլսարի հանքավայրի շահագործումը երկար տարիներ Հայաստանի մէջ եղած է տնտեսական, բնապահպանական եւ հանրային քննարկումներու առարկայ։ Այժմ ծրագիրին իրականացման մեկնարկով կառավարութիւնը զայն կը ներկայացնէ իբրեւ երկրի հանքարդիւնաբերութեան եւ ներդրումային միջավայրի զարգացման նոր հանգրուան մը։