ԱՄՆ նորընտիր նախագահ՝ Տոնալտ Թրամբ երկուշաբթի օր, հանդիպում պիտի ունենայ թոշակի անցած զօրավար Տէյվիտ Փեթրաիոսի հետ: Այս մասին, «Պլումպըրկ» լրատուացանցի համաձայն, տեղեկացուցած է նախագահական անցումային խմբակի բարձրաստիճան պատասխանատու մը, աւելցնելով, թէ նորընտիր նախագահը մտադիր է անոր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօն առաջարկել: Փեթրաիոս իր հերթին նշած է, թէ պատրաստ է Թրամբի վարչակազմին մէջ ծառայելու, եթէ այդ մէկը խնդրուի իրմէ:
Նշենք, որ Փեթրաիոս, ամերիկեան կեդրոնական յետախուզական գործակալութեան նախկին տնօրէն էր: Ան 2012-ին ունեցած ապօրինի յարաբերութեան բացայայտման պատճառով պաշտօնաթող եղած է: