Տէր Զօրը ահաբեկիչներու ճիրաններէն ազատագրուելէն ետք քաղաքի աշակերտները վերադարձած են դպրոցական բնականոն կենաքի: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Տէր Զօրի աշակերտութիւնը դադրած էր դպրոց յաճախելէ, «Տահէշ»ի կողմէ եղած շրջափակման եւ բնակելի շրջաններուն ուղղութեամբ կատարած հրթիռարձակումներուն պատճառով:
Ուսուցիչներէն, Պրն. Սամէր «Սփութնիք» գործակալութեան այս մասին խօսելով, ըսած է, որ ուսանողները սկսած են վերադառնալ դպրոց, «Տահէշ»ի դէպի արուարձաններ դորս մղելու եւ հրթիռներու եւ ռումբերու բնակելի շրջաններէն բացակայութեան շնորհիւ, ինչը քաջալերած է ծնողները իրենց զաւակներուն դպրոց ուղարլկել:
Ան նշած է, որ աշակերտութեան ընդհանուր թիւը, առաջին դասարանէն մինչեւ ուսումնարան՝ 11000 ուսանող է, աւելցնելով, որ Տէր Զօրի կրթութեան վարչութիւնը կ'աշխատի վերակենդանացնել բոլոր դպրոցները եւ անհրաժեշտ ուսուցչական կազմ ապահովել՝ կրթութեան գործընթացը յաջող կերպով իրականացնելու համար:
Նշենք, որ Տէր զօրի մէջ կը գործեն 41 դպրոցներ: Սուրիոյ կրթութեան նախարարութիւնը ամբողջական նախագիծ մշակած է, Սուրիոյ տարածքին վնասուած դպրոցներրու վերանորոգման համար: