image

Տեղատարափ անձրեւը կը սպառնայ սուրիացի փախստականներու ճամբարները՝ Լիբանանի մէջ

Տեղատարափ անձրեւը կը սպառնայ սուրիացի փախստականներու ճամբարները՝ Լիբանանի մէջ

Լիբանանի հիւսիսը գտնուող Աքքարի շրջանին մէջ սուրիացի փախստականներու ճամբարները կրնան հեղեղուիլ տեղատարափ անձրեւներու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ NNA գործակալութիւնը, նշելով, որ չորս ճամբարի բնակիչներ անօթեւան կրնան մնալ: Իրավիճակին կը հետեւին Կարմիր Խաչի եւ երկրի ճգնաժամային կեդրոնի աշխատակիցները:

Կը նշուի, որ տարերքի հետեւանքով առանց էլեկտրաուժանիւթի մնացած են Թրիփոլիի թաղամասերու մեծամասնութիւնն ու մօտակայ գիւղերը: