Սուրիոյ հարցով ժընեւեան յառաջիկայ հանդիպումը պիտի կայացուի 9 մարտին: Այս մասին յայտարարութիւն ըրաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրա: Տէ Միսթուրա նաեւ ըսաւ, որ անհրաժեշտ է, որ Սուրիոյ մէջ հակամարտող բոլոր կողմերը հասկնան հրադադարի պահպանման կարեւորութիւնը: ՄԱԿ-ի պատուիրակը նոյնպէս յոյս յայտնեց, որ Ժընեւի մէջ ըլլալիք ժողովները բարձր մակարդակի իրական բանակցութիւններ ըլլան: