image

Տէ Միսթուրա. Ժընեւի Բանակցութիւնները Յառաջիկայ 9 Մարտին

Տէ Միսթուրա. Ժընեւի Բանակցութիւնները Յառաջիկայ   9 Մարտին

Սուրիոյ հարցով ժընեւեան  յառաջիկայ    հանդիպումը պիտի կայացուի  9 մարտին: Այս մասին  յայտարարութիւն ըրաւ    Սուրիոյ հարցով  ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Սթէֆան  Տէ  Միսթուրա:  Տէ  Միսթուրա   նաեւ ըսաւ,  որ անհրաժեշտ է, որ  Սուրիոյ մէջ հակամարտող բոլոր  կողմերը հասկնան   հրադադարի  պահպանման կարեւորութիւնը:  ՄԱԿ-ի պատուիրակը նոյնպէս յոյս  յայտնեց, որ Ժընեւի մէջ ըլլալիք  ժողովները  բարձր մակարդակի իրական  բանակցութիւններ ըլլան: