ՄԱԿ հերքած է Սուրիոյ հարցերով յատուկ յանձնակատար՝ Սթէֆան տէ Միսթուրայի հրաժարականի մասին տարաձայնութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ AFP գործակալութիւնը, ակնարկելով հինգշաբթի օր, արաբական լրատուամիջոցներու կողմէ՝ Տէ Միսթուրայի անձնական պատճառներով հրաժարական ներկայացուցած ըլլալու լուրին:
Յիշեցնենք, որ RTS-ի հեռուստազրոյցին ընթացքին Տէ Միսթորա յայտնած է, թէ հրաժարելու մասին կը մտածէ միայն «երբ նկատէ թէ աշխատանքը ապարդիւն է, կամ երբ ընտանիքը խնդրէ այդ մէկը», աւելցնելով, թէ խղճմտութիւնը կը պարտադրէ զինք օգնել սուրիացիներուն, «սակայն անփոխարինելի մարդ չկայ»:
Նշենք, որ Տէ Միսթուրա, յուլիս 2014-ին նշանակուած է այս պաշտօնին, յանձնարարուած ըլլալով խաղաղ միջոցներով լուծում գտնել Սուրիոյ մէջ 2011-էն ի վեր շարունակուող հակամարտութեան, որ աւելի քան 300 հազար անձանց կեանքը խլեց: