Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» պարբերականի դէմ գործողութիւններու ծիրէն ներս ոստիկանները ձերբակալած են պարբերականի խորհդատու, յայտնի լրագրող Քատրի Կիւրսելը: Թրքական «Milliyet» պարբերականի փոխանցմամբ` ոստիկանները դատախազութեան հրահանգով Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կիւլենականներուն ու «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» աջակցելու մեղադրանքով ձերբակալած են Cumhuriyet պարբերականի 13 աշխատակից, որոնց մէջ գլխաւոր խմբագիրը ու պարբերականի խորհրդատու Քատրի Կիւրսելը:
Նշենք, որ Քատրի Կիւրսելը բաւական շատ յօդուածներ գրած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման օգտին: Յօդուածներէն մէկուն մէջ ան ատրպէյճանցիներուն խորհուրդ տուած էր մոռնալ Ղարաբաղը: Քատրի Կիւրսելը Երեւան այցի ժամանակ ծաղիկներ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին: