Aurora-ն Համաշխարհային մարդասիրական ամենամեայ նոր մրցանակ է, որ պիտի շնորհուի այն անհատներուն կամ խումբերուն, որոնք իրենց վտանգի ենթարկելով՝ օգնած են այլոց գոյատեւել։ 23 Ապրիլ 2016-ին յայտնի պիտի դառնայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «100 LIVES» նախաձեռնութեան հիմնած մարդասիրական Aurora մրցանակի արժանացողին անունը, որուն, ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնի սաներուն նախագծած արձանիկը պիտի յանձնէ յայտնի դերասան Ճորճ Քլունին: Մրցանակակիրը պիտի ստանայ նաեւ 100,000 տոլար դրամաշնորհ եւ հնարաւորութիւն՝ 1 միլիոն տոլար դրամաշնորհի թեկնածու կազմակերպութիւն մը ընտրելու: Aurora մրցանակի յանձնաժողովի համանախագահ Ճորճ Քլունի ներկայ պիտի գտնուի Երեւանի մէջ կայանալիք մրցանակաբաշխութեան արարողութեան։ Յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին, ԹՈՒՄՕի չորս դասընթացավարներ պիտի աշխատին չորս խումբերու հետ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի մշակէ արձանիկի ծրագիր մը, հետագային ընտրելու համար անոնցմէ լաւագոյնը։ Նշենք, որ Aurora մրցանակը 100 LIVES նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրեգորեանի, Նուպար Աֆեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի բարեգործութեան տեսլականն է: Նախաձեռնութիւնը երախտագիտութիւն կը դրսեւորէ այն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն հանդէպ, որոնց հերոսական քայլերը պահպանած են հայերու կեանքը՝ ցեղասպանութեան տարիներուն՝ 100 տարի առաջ:
Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ