Լոնտոնի մէջ գալ շաբաթ՝ Չորեքշաբթի, 27 Յուն. 2016-ին տեղի պիտի ունենայ Ճոն Լուպոքի «Հարիւր Տարի Անց» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը, Լոնտոնի տնտեսագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան դպրոցէն ներս (LSE):
Լուպոքի այս ֆիլմը Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբան Արա Սարաֆեանի գիրքին վրայ հիմնուած ըլլալով հանդերձ, չի խօսիր այն մասին, թէ ինչ բառով պէտք է բնորոշել մէկ ու կէս միլիոն մարդու սպաննութեան ոճիրը: Այլ ֆիլմը՝ կը խօսի, թէ ինչպէս կարելի է հաշտեցման եզր ստեղծել թուրքերու, քիւրտերու եւ հայերու միչեւ, ոճիրի մը շուրջ, որու իրողութիւնը տակաւին շատեր կը հրաժարին՝ ճանչնալ:
Ֆիլմը նկարահանուած է 2015-ի Ապրիլին: Ան կը ներկայացնէ Հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը, 2015-ի ընտրութիւններէն առաջ, եւ PKK-ի ու թրքական պետութեան միջեւ բռնութիւններու եւ վայրաքութեան հետեւանքները:
Նշենք, որ վաւերագրական ֆիլմի պատրաստութիւնը եղած է Լոնտոնի «Կոմիտաս» ինսթիթուդի Թուրքիոյ մէջ տարած աշխատանքներու ծիրէն ներս:
Ներկայացման ներկայ պիտի ըլլան նաեւ ֆիլմի հեղինակ՝ Ճոն Լուպոքն ու պատմաբան՝ Արա սարաֆեանը: Ցուցադրութեան աւարտին առիթ պիտի տրուի հարց-պատասխանի, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուի Թուրքիոյ մէջ կատարուող քաղաքական զարգացումներու, եւ «Կոմիտաս» ինսթիթուտի յառաջիկայ նախագիծերու մասին, որ կը ծրագրէ իրականացնել Թուրքիոյ մէջ: